2014-07-28 10:34:07

Համաշխարհային Ա Պատերազմի սկիզբի 100 ամեակը։ Ֆրանչիսկոս Պապ` '' Անցեալի սխալները թող չի կրկնուին''։


Այսօր` 28 յուլիսի 2014-ին կը նշուի Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբի 100 ամեակը։ Երկուշաբթի, 28 յուլիս 1914-ին, Սարայեւոյի մէջ Ասպուրկ-Էսթէյի աւագ դուքս` Ֆրանչէսքօ Ֆերտինանտոյին սպաննութեան պատճառաւ Ավստրա-հունգարական կայսրութիւնը պատերազմ հռչակեց Սերպիոյ թագաւորութեան դէմ, սկիզբ տալով համաշխարհային առաջին պատերազմին որ չորս տարուայ տեւողութեամբ միլիոնաւոր զոհեր պատճառեց եւ բազմաթիւ աւէրներ գործեց ըլլայ նիւթական ըլլայ բարոյական եւ մարդկային գետնի վրայ։ Պատերազմի մէջ ներքաշուեցան երկրագունդի բնակչութեան 75 առ հարիւրը, 1,5 միլար մարդ։ Ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուեցան աւելի քան 10 միլիոն մարդիկ մինչ վիրաւորեալներու թիւը գերազանցեց 20 միլիոնը։
Վերյիշելով այս սգալից յիշատակը, Ֆրանչիսկոս Պապը, կիրակի 27 յուլիսին, իր արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, հրաւէր ուղղեց ''չկրկնել անցեալի սխալները'' վերակոչելով Պետնետիկտոս վաստակաւոր Քահանայապետի խօսքը զոր առաջին աշխարահմարտը որակած էր ''անպէտ կոտորած''։ Երբ կր յիշատակենք այս ողբերգական իրողութիւնը, կը մաղթեմ որ անցեալի սխալները չի կրկնուին, այլ պատմութենէն քաղուած դասերը հաշուի առնուին, համարձակ եւ համբերատար երկխօսութեան միջոցաւ գերակշռելու միշտ խաղաղութեան պահանջները։








All the contents on this site are copyrighted ©.